2012-08-31 12:02:11

Հունգարիայ <> Երիտասարդական Փառատօնին 12 Հազար Երիտասարդներ Կը Մասնակցին


Ուրաբթ 31 օգոստոսին Հունգարիոյ Պուտաբեշտ քաղաքի մէջ սկիզբ առաւ <<Ճէնֆեսդ>> ֆոգոլարիներու շարժումի երիտասարդական տօնակատարութեան 10րդ հանգրուանը որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 12 հազար երիտասարդներ որ եղբայրութեան գաղափարականը կը կիսեն ։

Երեք օր տեւող այս փառատօնի ընթացքին մասնակիցները առիթը պիտի ունենան փոխանակելու փորձառութիւններ զանազան ասպարէզներու մէջ, ըլլան անոնք տնտեսական, հասարակական, գեղարուեստի եւ կամ միջմշակութային։

Փառատօնի նպատակն է ուրիշներու հետ կամուրջներ կառուցել գերազանցելու համար բաժանմունքներ ստեղծող պատնէշները. Երիտասարդները պիտի շօշափեն այժմէականութեան նիւթեր ինչպէս` միութիւն, եղբայրութիւն, պատերազմներու եւ բնական աղէտներու հետեւանքով մարդասիրական օժանդակութիւն, եւայլն։

<> անուան երիտասարդական փառատօնը, որ ինչպէս նշեցինք կազմակերպուած է Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեշտի մէջ, սկիզբ կ՛առնէ 31 օգոստոսին եւ վերջ կը գտնէ 2 սեպտեմբերին։

Փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ ֆոգոլարիներու շարժումի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած <> ծրագիրը, որուն նպատակն է <եղբայրութեան>> գաղափարականը յառաջացնել ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական եւ ըլլայ ազգային գետնի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.